Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներէն ետք, յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող ութ խումբերուն անունները:
Այդ ութ խումբերն են` Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիվըրփուլ, Պորուսիա Տորթմունտ, Փորթօ, Պայէրն Միւնիխ, Մանչեսթըր Սիթի, Ռէալ Մատրիտ եւ Չելսի:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ գտնուող «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի գրասենեակին մէջ:
Նշենք, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը միեւնոյն ժամանակ պիտի ըլլայ կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: