Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւորը պիտի ըլլայ «Թալալ Մաքտեսի» հաստատութիւնը, որ որոշեց հոգալ ախոյեանութեան բոլոր ծախսերը:
Այս լուրը դարձաւ պաշտօնական, երբ հաստատութեան եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին միջեւ կնքուեցաւ յատուկ համաձայնագիր մը` վերոնշեալ հաստատութեան Սին Էլ Ֆիլի գրասենեակին մէջ:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի բարձր գնահատեց «Թալալ Մաքտեսի» հաստատութեան այս նախաձեռնութիւնը, մանաւանդ որ երկիրը կը գտնուի տնտեսական ծանր տագնապի մը մէջ, եւ հովանաւոր ընկերութիւններ գտնելը գրեթէ դարձած է երազային:
Այս համաձայնագիրի կնքումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Միշել Ռըզք եւ Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ:
Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի ուրբաթ, 26 մարտին:



