Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 10 ապրիլին, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 30-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին իրարու դէմ պիտի մրցին երկրին ֆութպոլի երկու հսկաները` Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա:
«Քլասիքօ»-ի այս մրցումը պիտի կատարուի Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ գտնուող «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ երթին Ռէալ Մատրիտ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց «Քամփ-Նու»-ի մէջ:
Այժմ ընդհանուր դասաւորման մէջ Պարսելոնա 59 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, մինչ Ռէալ Մատրիտ 57 կէտով կը գտնուի 3-րդ դիրքին վրայ: Առաջին դիրքին վրայ է Աթլեթիքօ Մատրիտ` 63 կէտով: