Մարզական

Դահուկարշաւ.  Լիբանան Կը Կազմակերպէ  Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութիւնը

Դահուկարշաւ. Լիբանան Կը Կազմակերպէ Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութիւնը

Հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կը հիւրընկալէ փոքր երկիրներու դահուկարշաւի ախոյեանութիւնը` Արզի շրջանին մէջ: 19, 20 եւ 21 մարտին տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու մրցումները` մասնակցութեամբ 9 երկիրներու: Այդ երկիրներն են` Սերպիա, Արժանթին, Քոլոմպիա, Վենեզուելա, Էքուատոր, Մեքսիքա, Փորթուգալ, Թրինիտատ եւ Լիբանան: Նշուեցաւ, որ շատ հաւանաբար այսօր կամ վաղը քանի մը երկիրներ եւս իրենց...

Հայկական Ֆութպոլ.  Լոռի Դադրեցուց Իր Ելոյթները` Հայաստանի  Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումներուն Գծով

Հայկական Ֆութպոլ. Լոռի Դադրեցուց Իր Ելոյթները` Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումներուն Գծով

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի նախկին նախագահ, Վանաձորի Լոռիի նախագահ Թովմաս Գրիգորեան երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ ակումբը իր ելոյթները կը դադրեցնէ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ «Այսօր շատ ցաւալի օր մըն է ինծի համար: Դժբախտաբար այս որոշումին յանգեցանք, նախքան Արարատ-Երեւանի դէմ մեր մրցումը կատարելը, որուն համար բոլորին ներողամտութիւնը կը խնդրենք: «Ուրիշ...

Մարմնարզութիւն.  Հայրենի Մարզիկները Կը Սկսին  Ուսումնամարզական Հաւաքի Մը

Մարմնարզութիւն. Հայրենի Մարզիկները Կը Սկսին Ուսումնամարզական Հաւաքի Մը

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 17-31 մարտին Հայաստանի մարմնամարզութեան տղոց հաւաքականը, աւագ մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորութեամբ, պիտի մասնակցի հաւաքի մը Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ` պատրաստուելու համար 18-26 ապրիլին զուիցերիական Պալ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան: Հաւաքին կը մասնակցին մարզիչներ Հայկ Նազարեան, Աշոտ Գասպարեան եւ մարզիկներ Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան, Գագիկ Խաչիկեան, Արմէն Պետրոսեան եւ Արթուր...

Ճատրակ.  Մակնուս Քարլսըն Աւելի  Զօրաւոր Էր Լեւոն Արոնեանէն

Ճատրակ. Մակնուս Քարլսըն Աւելի Զօրաւոր Էր Լեւոն Արոնեանէն

«Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի արագ ճատրակի «Մակնուս Քարլսըն Ինվիթէյշընըլ» մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի առաջին օրը, երէկ հայրենի ճատրակ խաղացող Լեւոն Արոնեան 2,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աշխարհի նորվեկիացի գործող ախոյեան Մակնուս Քարլսընէն: Առաջին եւ երկրորդ մրցումներուն, ՖԻՏԷ-ի յառաջատարը արձանագրեց երկու յաղթանակ, երրորդին արձանագրուեցաւ հաւասարութիւն մը, որմէ ետք կարիքը չզգացուեցաւ չորրորդ ճակատումին: Անոնց երկուքին միջեւ քառորդ աւարտականի երկրորդ հանդիպումները կը կատարուին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ալաշկերտի Մրցակիցը` Սելթիք

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ-Լացիօ Ռոմա Եւ Չելսի-Աթլեթիքօ Մատրիտ

«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, կը կատարուին երկու մրցումներ: Պայէրն Միւնիխ կը հիւրընկալէ Լացիօ Ռոման, իսկ Չելսի` Աթլեթիքօ Մատրիտը: Երթին Պայէրն Միւնիխ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ Չելսի` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:  

Դահուկարշաւ.  Աշոտ Կարապետեան Հանդիսացաւ  Երկրորդ` Իրանի Մէջ

Դահուկարշաւ. Աշոտ Կարապետեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` Իրանի Մէջ

Իրանի մէջ տեղի ունեցող դահուկարշաւի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Կարապետեան (Ծաղկաձոր) երկրորդ դիրքը գրաւեց ոլորավայրէջքի մրցումներուն` շատ չնչին տարբերութեամբ մը ետ մնալով առաջին հանդիսացած իրանցի մարզիկէն: Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ան դարձեալ երկրորդ հանդիսացած էր աւելի երկար ոլորավայրէջքի մրցումներուն: Նշենք, որ Կարապետեան իր մասնակցութիւնը բերած է 2018-ին Հարաւային Քորէայի Փիոյնկիանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ...

Մելսիկ Պաղտասարեան Պայմանագրութիւն Մը  Ստորագրեց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի Հետ

Մելսիկ Պաղտասարեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի Հետ

Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայ մարտիկ Մելսիկ Պաղտասարեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ. »-ի հետ: 29 տարեկան Պաղտասարեան քիքպոքսինկի աշխարհի ախոյեան է: Խառն մենամարտերուն («ԷՄ- ԷՄ. ԷՅ. ») ան կատարած է 6 մենամարտ, արձանագրած է 5 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը: Ան իր նախորդ մենամարտը կատարեց սեպտեմբեր 2020-ին եւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց ամերիկացի Տենիս Պուզուքիային:  

Բարսեղեանի Ստացած Վնասուածքը  Այդքան Ալ Լուրջ Չէ

Բարսեղեանի Ստացած Վնասուածքը Այդքան Ալ Լուրջ Չէ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի խումբին կատարելիք հաւաքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նշուեցաւ, որ անոր ստացած վնասուածքը այդքան ալ լուրջ չէ, եւ ան շուտով միանալով հաւաքականին, պիտի մասնակցի Հայաստանի կատարելիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն: Հայրենի կազմը զտումի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 25 մարտին, երբ հիւրը պիտի ըլլայ Լիխթնշթայնին:

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 19-21 մարտին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ: Գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեան այս հաւաքին մասնակցելու համար նկատի առաւ 23 ֆութպոլիստներ, որոնք յատուկ փորձեր պիտի կատարեն անոր հսկողութեան տակ:  

«Էն. Պի. Էյ. ».  Լէյքըրզ Յաղթեց Ուորիըրզին`  128-97 Արդիւնքով

«Էն. Պի. Էյ. ». Լէյքըրզ Յաղթեց Ուորիըրզին` 128-97 Արդիւնքով

Երէկ տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ մրցեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ, արձանագրեց 128-97 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (22 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Իսկ Ուորիըրզէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սթեֆըն Քարի (27 կէտ): Իր կարգին, թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Ճէյմս Հարտեն (21 կէտ, 15 ռիպաունտ, 15 էսիսթ),...

Լիբանանի Պասքեթպոլի  Ֆետերասիոն-«Էն. Պի. Էն.-23»  Համագործակցութիւն

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն-«Էն. Պի. Էն.-23» Համագործակցութիւն

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ համաձայնագիր մը ստորագրեց, սպանական «ԷՆ. ՊԻ. ԷՆ.-23»  ընկերութեան հետ, որ յառաջիկայ չորս տարիներուն առցանց դրութեամբ պիտի ներկայացնէ կատարուող մրցումներուն վիճակագրութիւնները: Այդ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ բոլոր դասակարգերուն գծով, բացի` տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութենէն, ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց բաժակի մրցաշարքի մրցումներէն: Ֆետերասիոնին համար առաջնահերթ կը նկատուին...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստան-Իսլանտա Մրցումին  Տոմսերը Սկսան Ծախուիլ

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստան-Իսլանտա Մրցումին Տոմսերը Սկսան Ծախուիլ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ արդէն իսկ սկսան ծախուիլ Հայաստան-Իսլանտա ֆութպոլի մրցումին տոմսերը` Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մօտ գտնուող տոմսարկղէն: Նշենք, որ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 27 մարտին, կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ: Իսկ այսօր` երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ կը սկսին ծախուիլ Հայաստան-Ռումանիա մրցումին տոմսերը:

Կռփամարտ.  Հայաստանի Երիտասարդ Կռփամարտիկները  Կը Պատրաստուին Աշխարհի Ախոյեանութեան

Կռփամարտ. Հայաստանի Երիտասարդ Կռփամարտիկները Կը Պատրաստուին Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը սկսած է իր նախապատրաստութեան` Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան: Երիտասարդական հաւաքականը` գլխաւոր մարզի Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ, Ծաղկաձորի մէջ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը, որ կ՛աւարտի 23 մարտին: Ծաղկաձորեան հաւաքէն ետք երիտասարդ կռփամարտիկները այլ հաւաք մըն ալ պիտի կատարեն Երեւանի մէջ: Նշենք, որ աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ...

2 Հայ Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան  Ռուսիոյ 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքական

2 Հայ Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Ռուսիոյ 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքական

Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց «Եւրօ-2021»-ի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող իր կազմը: Ռուսիոյ երիտասարդական հաւաքականի կազմին մէջ ընդգրկուեցան երկու հայ ֆութպոլիստներ: Առաջինն է Տինամօ Մոսկուայի 17 տարեկան միջնապահ Արսէն Զախարեան, մինչ երկրորդը` Մոսկուայի բանակայիններու յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան: Նշուեցաւ, որ անոնք երկուքն ալ բաւական տպաւորիչ ելոյթներ կ՛ունենան իրենց ակումբներուն հետ:  

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները  Մեկնեցան Պուտափեշտ

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները Մեկնեցան Պուտափեշտ

Իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները երէկ մեկնեցան Պուտափեշտ (Հունգարիա)` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար միջազգային մրցաշարքի մը, որ պիտի ըլլայ կարեւոր, Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն տոմս ապահովելու գծով: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ) եւ Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ): 18-21...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր Կը Կատարուին 1-16-րդ Հանգրուանի  Դարձի Երկու Մրցումներ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Կը Կատարուին 1-16-րդ Հանգրուանի Դարձի Երկու Մրցումներ

«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 16 մարտին կը կատարուին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի երկու մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, յաւելեալ երկու խումբեր եւս դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն: Մանչեսթըր Սիթի իր մրցումը պիտի կատարէ «Փուշքաշ-Արենա» մարզադաշտին վրայ (Պուտափեշտ, Հունգարիա), ուր պիտի ճակատի Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ երթին Սիթի Գերմանիոյ մէջ արձանագրեց...

Թոքիօ-2020.  Ողիմպիականի Խաղերուն Յետաձգումը Միլիառաւոր Տոլարներու Վնաս Պիտի Պատճառէ Ճափոնի Տնտեսութեան

Թոքիօ-2020. Ողիմպիական Խաղերուն Կազմակերպիչները Մտադիր Են 50 Տոկոսով Սահմանափակել Մարզասէրներուն Քանակը

Հայաստանի ազգային ողիմպիականի կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Թոքիօ-2020-ի ամառնային խաղերուն կազմակերպիչները, «Քորոնա» ժահրին տարածման սպառնալիքին պատճառով, մտադրեցին 50 տոկոսով սահմանափակել մարզասէրներուն քանակը: Մեծ մարզադաշտերուն պարագային, հանդիսատեսներուն թիւը պէտք չէ գերազանցէ 20 հազարը: Եթէ համաճարակին տարածման իրավիճակը բարելաւուի, ապա կազմակերպիչները կրնան այդ որոշումէն հրաժարիլ: Միեւնոյն ժամանակ, Ճափոնի իշխանութիւնները արտասահմանեան երկիրներուն կոչ ուղղեցին սահմանափակելու ողիմպիական խաղերու պատասխանատուներուն ուղեկցող մարդոց թիւը:...

Ղազախական Ֆութպոլ.  Վարդան Մինասեանի Յաղթական  Մեկնարկը` Թարազի Հետ

Ղազախական Ֆութպոլ. Վարդան Մինասեանի Յաղթական Մեկնարկը` Թարազի Հետ

Թարազի ֆութպոլի ակումբին նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը` Քայսարի դէմ կատարուած մրցումին, 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիչը, որ նախապէս Հայաստանի մէջ գլխաւորած է նաեւ Փիւնիկ Երեւանն ու Արարատ-Արմենիան, այս տարուան փետրուարին գլխաւորեց ղազախական ակումբը: 2014-2015 տարեշրջանին ան գլխաւորած էր նաեւ ղազախական...

Կարէն Բարսեղեան Վերադարձաւ Ալաշկերտ

Կարէն Բարսեղեան Վերադարձաւ Ալաշկերտ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող կազմերէն Ալաշկերտ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Կարէն Բարսեղեան վերադարձաւ Ալաշկերտ եւ միացաւ Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած մարզչական կազմին: Բարսեղեան վերջերս հեռացաւ Չարենցաւանի Վանէն, ուր կը վարէր փոխնախագահի պաշտօնը: Նախորդ տարեշրջանին ան Վանի հետ Ա. դասակարգէն բարձրացաւ բարձրագոյն դասակարգ: Երէկ` երկուշաբթի, 15 մարտին, Բարսեղեան նշեց իր ծննդեան 46-րդ տարեդարձը:    

Թենիս.  Մետվետեւ Շրջանցեց Նատալը  Եւ Գրաւեց 2-րդ Դիրքը

Թենիս. Մետվետեւ Շրջանցեց Նատալը Եւ Գրաւեց 2-րդ Դիրքը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աշխարհի միջազգային նոր դասաւորումը: Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ սերպ Նովաք Ճոքովիչ (12.008 կէտ): 33 տարեկան թենիսմենը մրցանշային` 312-րդ շաբաթը ըլլալով կը շարունակէ մնալ առաջին: Ռուս Տանիիլ Մետվետեւ (9940 կէտ), շրջանցեց սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը (9670) եւ գրաւեց անոր դիրքը` 2-րդ: Իսկ Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով (2200) նահանջեց 22-րդ դիրք (նախապէս` 21-րդ):...

Page 526 of 1279 1 … 525 526 527 … 1,279

Արխիւներ