Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրօ Լիկա»-ի մասնակցողներուն միջեւ քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ Նետերլանտներու ախոյեանութեան միանալու գծով:
«Փրօ Լիկա»-ի կայքը տեղեկացուց, որ բոլոր ակումբները միաձայն քուէարկած են Նետերլանտներու «Էրետիվիզի»-ին միանալու օգտին:
Իրարու միացած այս մրցաշարքը պիտի կոչուի «ՊեՆիԼիկի», եթէ անշուշտ անիկա վերջնականապէս հաստատուի:
Շատ հաւանական է, որ այս նոր ախոյեանութեան մասնակցին 16 խումբեր, մինչ մնացեալները պիտի ըլլան աւելի վարին դասակարգերուն մէջ:
Այդ ակումբներուն 23 տարեկանէն վար խումբերը սակայն կրնան մասնակցիլ իրենց երկիրներուն ներքին ախոյեանութիւններուն: