Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, նախանցեալ օր Հուեսքայի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, իր կազմին հետ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անկախ արձանագրուած այս յաղթանակէն, 33 տարեկան յառաջապահը հանդիսացաւ պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որ ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին յաջորդաբար 13-րդ տարեշրջանն ըլլալով նուազագոյնը 20 կոլ կը նշանակէ: Ան վերոնշեալ մրցումին նշանակելով 2 կոլ, այժմ կը գրաւէ ռմբաձիգներուն առաջին դիրքը` 21 կոլով:
Բացի ասկէ, ան յաջորդաբար 12-րդ տարեշրջանն ըլլալով, կը կատարէ նուազագոյնը 10 էսիսթ:
Նշենք, որ վերոնշեալ մրցումին ան կրկնեց նաեւ Պարսելոնայի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ մրցում կատարած Չաւի Հերնանտեսի մրցանիշը` դաշտ ներկայանալով 767-րդ անգամ ըլլալով:
Մեսսի ցարդ նշանակած է 661 կոլ:



