Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ճակատումները:
Մանչեսթըր Եունայթըտ չկրցաւ շարունակել մրցաշարքը, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Լայսթըր Սիթիէն, հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:
Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց նիկերիացի յառաջապահ Քելեշի Իհէանաշօ:
Կիսաւարտականին Լայսթըր Սիթի իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սաութհեմփթընը, մինչ աւարտականի իրենց տոմսը ապահովելու համար պիտի պայքարին նաեւ Չելսի եւ Մանչեսթըր Սիթի:



