Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ) նախորդ շաբաթավերջին չկրցաւ ապահովել ողիմպիական խաղերու իր տոմսը:
Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին, Գալստեան թէեւ հասաւ կիսաւարտականին, սակայն 10-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր վրացի մրցակիցէն` Ռամազ Զոյիծէէն, չկրցաւ ողիմպիականի տոմս մը ապահովել:
Մինչեւ կիսաւարտականին հասնիլը, ան յաջորդաբար յաղթեց Պիելոռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն:
Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն մինչեւ 8 օգոստոս:



