«Քորոնա» ժահրին պատճառով, Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը, տեղի պիտի ունենան առանց արտասահմանցի համակիրներու:
Այսպիսի որոշումի մը յանգեցան Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն եւ ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէն, նախորդ շաբաթավերջին իրենց գումարած մէկ ժողովին ընթացքին:
Նշուեցաւ, որ նախապէս ծախուած տոմսերուն գումարները պիտի վերադարձուին: