Մարզական

mtvlogo

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2020-2021 Տարեշրջանի Մրցումները` «Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռէն

Ինչպէս ծանօթ է, վաղը` ուրբաթ, 26 մարտին մեկնարկը կը տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին: Բոլորն ալ քաջատեղեակ են, որ մրցումները պիտի կատարուին օտարականներու բացակայութեան եւ առանց համակիրներու: Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու իրաւունքը շահեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը: Նշուեցաւ, որ «Էմ. Թի. Վի.» առաջարկած էր 74 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը, մինչ «Էլ....

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք.  Այսօր` Լիխթնշթայն-Հայաստան

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Այսօր` Լիխթնշթայն-Հայաստան

Եւրոպայի գօտիի Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի իր առաջին մրցումին, այսօր` հինգշաբթի, 25 մարտին, կը մրցի Լիխթնշթայնի դէմ: Այս ճակատումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վատուզի (Զուիցերիա) «Ռէյնփարք» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Աւստրիայէն` գլխաւորութեամբ 36 տարեկան Եուլիան Վեյինպերկի: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ յայտնեց, որ...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Երիտասարդ Կռփամարտիկները  Կը Պատրաստուին Աշխարհի Ախոյեանութեան

Կռփամարտ. Ծաղկաձորի Մէջ Հայաստանի Երիտասարդ Կռփամարտիկները Աւարտեցին Իրենց Հաւաքը

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը երէկ աւարտեց իր ուսումնամարզական հաւաքը Ծաղկաձորի մէջ: Հաւաքականը հաւաք մը եւս պիտի կատարէ Երեւանի մէջ` դարձեալ գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի, պատրաստուելու համար 10-24 ապրիլին Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:  

Պասքեթպոլ. Եւրասիական  3-րդ Միջազգային Մրցաշարք.  Ռիատի Պէյրութի Յաղթական  Մեկնարկը` Երեւանի Մէջ

Պասքեթպոլ. Եւրասիական 3-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Ռիատի Պէյրութի Յաղթական Մեկնարկը` Երեւանի Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 24 մարտին, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Եւրասիական լիկայի պասքեթպոլի 3-րդ միջազգային մրցաշարքին` մասնակցութեամբ 5 խումբերու: Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած բացման մրցումին, Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` երեք կէտի տարբերութեամբ 81-78 արդիւնքով յաղթելով ռուսական Ռոսթով քաղաքէն Պարս խումբին: Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ (27...

Սամպօ.  Հայաստան 3 Ներկայացուցիչ Կ՛ունենայ  Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Սամպօ. Հայաստան 3 Ներկայացուցիչ Կ՛ունենայ Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

25-26 մարտին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Անաթոլի Խարլամփիեւի սամպոյի միջազգային յուշամրցաշարքը, որ կը նկատուի աշխարհի բաժակի մրցաշարքերէն մէկը: Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այս մրցաշարքին Հայաստան պիտի ունենայ 3 մարզիկ: Անոնք են` Տիգրան Կիրակոսեան, Գրիգոր Մխիթարեան (58 քկ) եւ Վիգէն Մարտիրոսեան (71 քկ): Նշուեցաւ, որ այս յուշամրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 երկիրներէ շուրջ 300 մարզիկներ:

Նէյմար Եւ Մպափէ Հրաժարեցան Իրենց  Պայմանագրութիւնները Երկարաձգել

Նէյմար Եւ Մպափէ Հրաժարեցան Իրենց Պայմանագրութիւնները Երկարաձգել

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմէնի մաս կազմող 29 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար եւ 22 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ, հրաժարեցան իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգել փարիզեան ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Անոնց երկուքին գործող պայմանագրութիւնները նախատեսուած են մինչեւ յունիս 2022: Նշենք, որ վերջերս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ Նէյմար պատրաստ է հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու մայրաքաղաքի կազմին հետ:...

Ալոնսօ Պիտի Գլխաւորէ Պորուսիա  Մէօնշընկլատպախը

Ալոնսօ Պիտի Գլխաւորէ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Խապի Ալոնսօ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Գերմանիոյ մէջ, այս մասին յայտնեց գերմանական «Պիլտ» հանրածանօթ մարզաթերթը: Նշուեցաւ, որ Ալոնսօ, որ այժմ Ռէալ Սոսիետատի երիտասարդական խումբին մարզիչն է, արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացուցած է «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի հետ եւ յառաջիկայ ամրան ընթացքին պիտի ստանձնէ անոր գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Ան պիտի փոխարինէ Մարքօ Ռոզին, որ...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին  Ընտրութիւնները` 21 Յունուարին

Այսօր` Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Մասնակի Ընտրութիւնները

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն այսօր` չորեքշաբթի, 24 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ) կը գումարէ ժողով մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան անոր մասնակի ընտրութիւնները` թափուր մնացած երկու աթոռներուն համար: Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ ամիս մը առաջ տեղի ունեցած Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, Ժիհատ Սալամէ եւ Ռոլան Սաատէ ներկայացուցին իրենց հրաժարականները: Այդ երկու թափուր աթոռներուն...

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք.  Հայաստան Կը Պատրաստուի Լիխթնշթայնի Դէմ  Տեղի Ունենալիք Մրցումին

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Հայաստան Կը Պատրաստուի Լիխթնշթայնի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր զուիցերիական Սենթ Կալեն քաղաք հասաւ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հինգշաբթի, 25 մարտին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Լիխթնշթայնի դէմ (Ժ. խմբակ): Առաջին օրուան փորձերէն ետք, խումբը երկու բաժինի բաժնուելով կատարեց մրցում մը, որուն ընթացքին կարգ մը ֆութպոլիստներ խաղցան տարբեր դիրքերու վրայ: Նշենք, որ Վատուզ քաղաքին մէջ գտնուող «Ռէյնփարք» մարզադաշտին...

Նախարար Վահրամ Թումանեան Ընդունեց Ողիմպիական  Խաղերուն Տոմս Ապահոված Ըմբիշները

Նախարար Վահրամ Թումանեան Ընդունեց Ողիմպիական Խաղերուն Տոմս Ապահոված Ըմբիշները

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան եւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, նախարարութեան իրենց գրասենեակին մէջ ընդունեցին անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ողիմպիական խաղերու տոմս ապահոված ազատ ոճի ըմբիշներ Արսէն Յարութիւնեանը, Վազգէն Թեւանեանը, ինչպէս նաեւ անոնց մարզիչները եւ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչները: Նախարար Թումանեան անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Նախ եւ առաջ կը շնորհաւորենք ձեր այս բացառիկ...

Մխիթարեան Իր Փորձերուն  Սկսաւ Առանձին

Մխիթարեան Իր Փորձերուն Սկսաւ Առանձին

Նափոլիի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն միօրեայ հանգիստէն ետք, Ա. Էս. Ռոմայի ֆութպոլիստները վերսկսան իրենց հերթական փորձերուն` պատրաստուելու համար խումբին կատարելիք յառաջիկայի մրցումներուն: Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի  եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ կը շարունակէ ապաքինիլ աջ սրունքի իր վնասուածքէն, իր կարգին սկսաւ իր փորձերուն, սակայն առանձին: Առանձին փորձեր կը կատարեն նաեւ երեք այլ ֆութպոլիստներ,...

Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը  Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական (21 տարեկանէն վար) հաւաքականը սկսաւ նախապատրաստուելու Պիելոռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին: Այս հաւաքը, որ սկսաւ այս շաբաթասկիզբին, ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 26 մարտ: Վերոնշեալ վայրին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին (հաւաքին վերջին օրը) ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 15:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ...

Գեղասահք.  Սլաւիկ Հայրապետեան Բացակայ`  Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Գեղասահք. Սլաւիկ Հայրապետեան Բացակայ` Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Երկուշաբթի, 22 մարտին, Շուէտի մայրաքաշաք Սթոքհոլմի մէջ սկսաւ գեղասահքի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Անիկա պիտի տեւէ մինչեւ 28 մարտ: Հայաստանի յառաջատար գեղասահորդ Սլաւիկ Հայրապետեան, այս ախոյեանութենէն դժբախտաբար կը բացակայի` նկատի ունենալով, որ 25 տարեկան մարզիկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է: «Աշխարհի ախոյեանութեան բաւական լաւ ձեւով պատրաստուեցայ եւ բաւական բարձր տրամադրութիւն ունէի: Մտահոգ էի մուտքի արտօնագիրովս, սակայն այդ հարցը շուտով լուծուեցաւ: Վերջին պահուն, երբ...

Լեհաստանի Նախագահը Յատուկ Շքանշանով Մը  Պարգեւատրեց Ռոպերթ Լեւանտովսքիին

Լեհաստանի Նախագահը Յատուկ Շքանշանով Մը Պարգեւատրեց Ռոպերթ Լեւանտովսքիին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ, Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, Լեհաստանի նախագահ Անտրզեժ Տուտայի կողմէ պարգեւատրուեցաւ յատուկ շքանշանով մը: Ան ֆութպոլիստին յանձնեց «Լեհաստանի վերածնունդ»-ի երրորդ աստիճանի շքանշանը: Իր խօսքին մէջ նախագահը ըսաւ. «Դուք հրաշալի ձեւով կը ներկայացնէք Լեհաստանը: Դուք մեզի կը բերէք փառք եւ պատիւ: Մեր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը ըլլալով, մեծ հայրենասիրութիւն կը դրսեւորէք: «Աշխարհի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Խումբին Առաջին Մրցակիցը` Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան երթի մրցումներուն յայտագիրը: Տարեշրջանին մեկնարկը կը տրուի ուրբաթ, 26 մարտին, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի բացման երկու հանդիպումներ. Աթլաս կը մրցի Շանվիլի դէմ, իսկ Հուփս` Պէյրութի դէմ: Շաբաթ, 27 մարտին, Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Անիպալ Զահլէ: Իսկ կիրակի, 28 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ...

Ռիատի Պէյրութ Կը Մասնակցի Հայաստանի Մէջ  Կատարուելիք Եւրասիական Լիկայի Պասքեթպոլի  Միջազգային Մրցաշարքին

Ռիատի Պէյրութ Կը Մասնակցի Հայաստանի Մէջ Կատարուելիք Եւրասիական Լիկայի Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի ախոյեանութեան նախագահ Արա Պօղոսեան նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս տարի Եւրասիական լիկայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 5 խումբեր. երկուքը` հայկական, երկուքը` ռուսական, իսկ մէկը` լիբանանեան: «Յայտնեմ, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, մրցաշարքին չուզեցին մասնակցիլ պիելոռուսական, ղազախական եւ իրանեան խումբերը: Անոնց ժամանումը մեծ գումարներու հետ կապուած էր: «Այսպիսի միջազգային...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Հասաւ Սենթ Կալեն

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Հասաւ Սենթ Կալեն

Երէկ` երկուշաբթի, 22 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հասաւ զուիցերիական Սենթ Կալեն քաղաքը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը: Սպանացի փորձառու գլխաւոր մարզիչ Խուաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը պիտի պատրաստուի 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք առաջին մրցումին: Հայրենի կազմը հինգշաբթի, 25 մարտին, Վատուզի մէջ գտնուող «Ռէյնփարք» մարզադաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Լիխթնշթայնի: Այդ մրցումին համար 27 ֆութպոլիստներ...

Ճատրակ.  Արսէն Քենեան Հանդիսացաւ Սուրիոյ  10 Տարեկանէն Վար Տղոց Ախոյեան

Ճատրակ. Արսէն Քենեան Հանդիսացաւ Սուրիոյ 10 Տարեկանէն Վար Տղոց Ախոյեան

Սուրիոյ ճատրակի 2021 տարեշրջանի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն, Արսէն Քենեան եկաւ բարձր պահելու Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի անունը, երբ յաջողեցաւ հանդիսանալ տղոց 10 տարեկանէն վար ախոյեան: Անոր արձանագրած այս կարեւոր իրագործումը բնականաբար կարելի է նկատել բացառիկ նուաճում մը` նկատի ունենալով, որ այս արդիւնքին հասնելու համար անհրաժեշտ է հետեւողականութիւն: Իսկ քաջալերանքի խօսքը կ՛երթայ անոր ծնողքին, որոնք միշտ ալ նեցուկ կը կանգնին անոր: Կը շնորհաւորենք...

Մեսսի Կրկնեց Փելէի Մրցանիշը  Եւ Գերազանցեց Չաւիի Մրցանիշը

Մեսսի Կրկնեց Փելէի Մրցանիշը Եւ Գերազանցեց Չաւիի Մրցանիշը

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Սոսիետատի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (6-1) տուպլէ մը իրագործեց, յաջողեցաւ կրկնել պրազիլցի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի մրցանիշը: Մեսսի, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 467-ի, մէկ երկրի ախոյեանութեան ընթացքին կրկնեց Փելէի մրցանիշը, այս մասին յայտնեց Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ասկէ բացի, 33 տարեկան Մեսսի դարձաւ...

Թենիս.  Մարկարիթա Գասպարեան  Բարձրացաւ 88-րդ Դիրք

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Բարձրացաւ 88-րդ Դիրք

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աղջկանց միջազգային նոր դասաւորումը` նկատի առնելով մարզիկներուն նախորդ շաբաթավերջին արձանագրած արդիւնքները: Առաջին դիրքին վրայ շարունակեց մնալ աւստրալիացի Էշլի Պարթի, մինչ անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն ճափոնցի Նաոմի Օսաքա եւ ռումանացի Սիմոնա Հալեփ: Առաջին 10-ին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ: Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Մարկարիթա Գասպարեան զգալի վերելք մը արձանագրեց` ռուսական Ս....

Page 523 of 1279 1 … 522 523 524 … 1,279

Արխիւներ