
Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու իր տոմսը ապահոված Վազգէն Թեւանեան (65 քկ) երէկ բաւական շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ տիրացաւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի գօտիի ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքի ախոյեանի կոչումին:
Արդարեւ, աւարտականին իր կատարած մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչը 9-0 արդիւնքով ջախջախեց եւ տապալեց Ռիօ 2016-ի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան ազրպէյճանցի Հաճի Ալիեւը` բարձր պահելով Եռագոյն դրօշը:
Նշենք, որ Թեւանեան 2020-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին տիտղոսակիրն է:
Իր կարգին, Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ) Հայաստանի համար ապահովեց երկրորդ ոսկի մետալը, երբ աւարտականին գծով իր կատարած մենամարտին 8-3 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի Կէորկի Վանկելովին:
Նշենք, որ Յարութիւնեան Եւրոպայի 2019-ի ախոյեան հանդիսացած էր:
Պուտափեշտի այս մրցաշարքին, Թոքիոյի ողիմպիականի իրենց տոմսը կ՛ապահովեն միայն աւարտական հանգրուան հասած ըմբիշները: