Հայաստանի գեղասահքի տղոց հաւաքականի անդամ Սլաւիկ Հայրապետեան վերսկսաւ իր նախապատրաստութիւնը` աշխարհի վարկանշային ախոյեանութեան:
Հայրապետեան իր վերջին նախապատրաստութիւնները կը կատարէ Երեւանի մէջ` անձնական մարզիչ Սամուէլ Հայրապետեանի գլխաւորութեամբ:
Ան նշեց, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր հեռու է փորձերէն: Բայց հակառակ ատոր, լաւ մարզավիճակով կը մօտենայ աշխարհի ախոյեանութեան` օգտուելով իր հօրը` Սամուէլի կատարած ցուցմունքներէն:
Սլաւիկ Հայրապետեան գեղասահքի աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին հանդէս պիտի գայ իր հին ծրագիրով: Կարճ ծրագիրի երաժշտութեան հեղինակը Տիգրան Գրիգորեանն է, իսկ երկարինը` Շարլ Ազնաւուրը:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը, որ վարկանշային է Պէյճինկի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն համար, տեղի պիտի ունենայ 22-28 մարտին, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ: