Հայաստանը ներկայացնող Հայկ Մարտիրոսեան եւ Աննա Սարգսեան հանդիսացան կայծակնային ճատրակի համաշխարհային ուսանողական առաջին առցանց ախոյեանութիւններու տիտղոսակիրներ:
Աղջկանց մրցումներուն, Սարգսեան յաջողեցաւ առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովել 6 կէտ, մինչ տղոց մրցումներուն, Մարտիրոսեան առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 5,5 կէտ եւ մնաց անպարտելի:
Մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի 2021-ի ախոյեան Յովհաննէս Գաբուզեան, որ բաւարարուեցաւ 6-րդ դիրքով:
20-21 մարտին տեղի կ՛ունենայ արագ ճատրակի ուսանողական համաշխարհային մրցաշարքը, որուն մէջ Հայաստան ունի երկու տասնեակէ աւելի մասնակից: