Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Մարկարիթա Գասպարեան, որ Ս. Փեթերսպուրկի թենիսի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ, թէեւ յաջողեցաւ հասնիլ աւարտականին, սակայն չկրցաւ դառնալ տիտղոսակիր:
Գասպարեան, որ իրեն մրցակից ունէր Տարիա Քասաթքինան, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր այս մրցումը կիսատ ձգեց, մինչ անիկա կ՛ընթանար ի նպաստ Քասաթքինայի` 6-3 եւ 2-1 արդիւնքով:
26 տարեկան Գասպարեան, որ դասուած է 126-րդ, մինչեւ աւարտականին հասնիլը արձանագրեց 4 յաղթանակ:
Իր արձանագրած այդ յաղթանակներուն եւ ունեցած ելոյթներուն շնորհիւ, ան այսօր հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ կը վերադառնայ առաջին 100-ին:



