«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբը յաջողեցաւ իր կազմին միացնել ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Սումայլէ Քուլիպալին:
Նշուեցաւ, որ 18 տարեկան ֆրանսացին երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց գերմանական ակումբին հետ:
Ան մաս կը կազմէ նաեւ Ֆրանսայի 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբին:



