Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Խիարայի «Ժամալ Ապտել Նասեր» մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Շապապ Մաժտալ Այնճարին:
ՀՄԸՄ տարեշրջանը սկսաւ 4-0 արդիւնքով պարտութեամբ մը:
Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ կը կատարուին առանց համակիրներու` «Քորոնա» Ժահրի համաճարակին պատճառով:
Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը բաժնուած են 4 խմբակի:
ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ ՀՄՄ-ը, Նըժում Պէյրութը, Թաքատտոմ Անքունը, Ռայան, Սալամ Սուրը եւ Ահլի Սարպան:
Այստեղ նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիչն է Սարգիս Ապաճեան:


