Նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ բաւական ուշագրաւ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Շթութկարթը:
Հակառակ անոր որ Պայերնէն Ալֆոնսօ Տէյվիս մրցումին 12-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ, սակայն դաշտին տէրերը նշանակեցին չորս անպատասխան կոլեր:
Լեհ միջազգային յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի հեթրիք իրագործեց (17-րդ, 23-րդ եւ 39-րդ), մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Սերժ Կնապրի (22-րդ):
Այսպիսով, 32 տարեկան Լեւանտովսքի, որ նշանակեց տարեշրջանի իր 35-րդ կոլը, հանգիստ ձեւով կը գրաւէ երկրի ռմբաձիգներուն պարագլուխի դիրքը:
Երկրորդ դիրքին վրայ Լայփցիկ, 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Արմինիա Պիլըֆելտի դաշտէն, 4 կէտով ետ կը մնայ Պայերնէն (61 կէտ):
Իսկ Պորուսիա Տորթմունտ, որ այս հանգրուանին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քէօլնի դաշտին վրայ, այժմ 43 կէտով կը գտնուի 5-րդ դիրքին վրայ: