Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգի մրցումները, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի ճակատումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը ունեցաւ բաւական տպաւորիչ մեկնարկ մը, երբ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ուահտէ Շհիմը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի խմբակին մէջ (Բ. խմբակ) են նաեւ Պշամուն, Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆ, Հատաս եւ Ժամհուր:
Իւրաքանչիւր խմբակի (ընդամէնը` 5 խումբ) առաջին դիրքը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ լաւագոյն երկրորդ հանդիսացած 3 խումբեր կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան:
Այստեղ նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիչն է Ռիշար Ֆաուազ, որ վկայուած է Գերմանիայէն:



