Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ նուազագոյն արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ալաւեսին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, 54-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աթլեթիքօ Մատրիտ ունեցաւ 66 կէտ:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ մայրաքաղաք Մատրիտի երկրորդ խումբը` երկրին գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, որ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սելթա Վիկոյի դաշտէն:
Նախորդ մրցումին նման, դարձեալ տուպլէ մը իրագործեց ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա (20-րդ եւ 30-րդ):
Իր նշանակած այս երկու կոլերուն շնորհիւ, 33 տարեկան Պենզեմա դարձաւ ակումբի պատմութեան 4-րդ լաւագոյն ռմբարկուն` 186 կոլով:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (311 կոլ):