Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, պիտի կատարուին բազմաթիւ մրցումներ, որոնցմէ շատերը բնականաբար պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ` իրենց վրայ կեդրոնացնելով լուսարձակները:
Իտալիոյ մէջ, բաւական հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, իրարու դէմ պիտի մրցին Ա. Էս. Ռոմա եւ Նափոլի, մինչ Ինթեր Միլան-Սասուոլօ մրցումը յետաձգուեցաւ, երբ հիւրընկալ կազմին կարգ մը մարզիկներուն մօտ «Քորոնա» ժահրին գծով կատարուած քննութիւնները տուին դրական պատասխան:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).