Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ ճանչցուեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
«Լ՛Էքիփ» յայտնեց, որ ֆրանսացին ստացած է ձայներուն 39 տոկոսը: Անոր ետին գտնուող երկու այլ ֆութպոլիստներ ստացան ձայներուն 33 եւ 28 տոկոսը:
Այսպիսով, Մպափէ, որ 5-րդ անգամ ըլլալով ճանչցուեցաւ ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս ցուցանիշով հաւասարեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի կատարած ցուցանիշին: