Ինչպէս ծանօթ է, վաղը` ուրբաթ, 26 մարտին մեկնարկը կը տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին:
Բոլորն ալ քաջատեղեակ են, որ մրցումները պիտի կատարուին օտարականներու բացակայութեան եւ առանց համակիրներու:
Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու իրաւունքը շահեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը:
Նշուեցաւ, որ «Էմ. Թի. Վի.» առաջարկած էր 74 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը, մինչ «Էլ. Պի. Սի.»` 72 հազար ամերիկեան տոլար:
Վաղուան` Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ կը կատարուին երկու ճակատումներ:
Հուփս կը հիւրընկալէ Պիպլոսը, մինչ երկրորդ մրցումին, Աթլաս կը մրցի Շանվիլի դէմ:
Այս երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 17:00-ին:


