Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ, Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, Լեհաստանի նախագահ Անտրզեժ Տուտայի կողմէ պարգեւատրուեցաւ յատուկ շքանշանով մը:
Ան ֆութպոլիստին յանձնեց «Լեհաստանի վերածնունդ»-ի երրորդ աստիճանի շքանշանը:
Իր խօսքին մէջ նախագահը ըսաւ.
«Դուք հրաշալի ձեւով կը ներկայացնէք Լեհաստանը: Դուք մեզի կը բերէք փառք եւ պատիւ: Մեր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը ըլլալով, մեծ հայրենասիրութիւն կը դրսեւորէք:
«Աշխարհի մէջ բազմաթիւ են տաղանդաւոր մարդիկը, սակայն շատ քիչերն են, որ Լեւանտովսքիի նման կը խաղան»:



