Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան երթի մրցումներուն յայտագիրը:
Տարեշրջանին մեկնարկը կը տրուի ուրբաթ, 26 մարտին, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի բացման երկու հանդիպումներ. Աթլաս կը մրցի Շանվիլի դէմ, իսկ Հուփս` Պէյրութի դէմ:
Շաբաթ, 27 մարտին, Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Անիպալ Զահլէ:
Իսկ կիրակի, 28 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ երեկոյեան ժամը 17:00-ին կը հիւրընկալէ Մութթահետը: