Սուրիոյ ճատրակի 2021 տարեշրջանի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն, Արսէն Քենեան եկաւ բարձր պահելու Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի անունը, երբ յաջողեցաւ հանդիսանալ տղոց 10 տարեկանէն վար ախոյեան:
Անոր արձանագրած այս կարեւոր իրագործումը բնականաբար կարելի է նկատել բացառիկ նուաճում մը` նկատի ունենալով, որ այս արդիւնքին հասնելու համար անհրաժեշտ է հետեւողականութիւն: Իսկ քաջալերանքի խօսքը կ՛երթայ անոր ծնողքին, որոնք միշտ ալ նեցուկ կը կանգնին անոր:
Կը շնորհաւորենք ախոյեանին ընտանիքը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ ամբողջ սփիւռքի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` անոր մաղթելով նորանոր նուաճումներ ապագային իր կատարելիք մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն ընթացքին: