Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Սոսիետատի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (6-1) տուպլէ մը իրագործեց, յաջողեցաւ կրկնել պրազիլցի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի մրցանիշը:
Մեսսի, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 467-ի, մէկ երկրի ախոյեանութեան ընթացքին կրկնեց Փելէի մրցանիշը, այս մասին յայտնեց Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ասկէ բացի, 33 տարեկան Մեսսի դարձաւ Պարսելոնայի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ մրցում կատարած ֆութպոլիստը: Ան կատարելով իր 768-րդ մրցումը` գերազանցեց ակումբին սպանացի անուանի ֆութպոլիստ Չաւի Հերնանտեսի հաստատած մրցանիշը:
Նշենք, որ այժմ Մեսսի ցարդ իր նշանակած 23 կոլերուն շնորհիւ կը գրաւէ «Լա Լիկա»-ի ռմբաձիգներուն պարագլուխի դիրքը:



