Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն այսօր` չորեքշաբթի, 24 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ) կը գումարէ ժողով մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան անոր մասնակի ընտրութիւնները` թափուր մնացած երկու աթոռներուն համար:
Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ ամիս մը առաջ տեղի ունեցած Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, Ժիհատ Սալամէ եւ Ռոլան Սաատէ ներկայացուցին իրենց հրաժարականները:
Այդ երկու թափուր աթոռներուն համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են հետեւեալ 4 անձերը. Ժորժ Ապպուտ, Ֆրանսուա Սաատէ, Ռոլան Սաատէ եւ Ռեմոն Սըքքար: