Եւրոպայի գօտիի Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի իր առաջին մրցումին, այսօր` հինգշաբթի, 25 մարտին, կը մրցի Լիխթնշթայնի դէմ:
Այս ճակատումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վատուզի (Զուիցերիա) «Ռէյնփարք» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Աւստրիայէն` գլխաւորութեամբ 36 տարեկան Եուլիան Վեյինպերկի:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին բոլոր ֆութպոլիստներուն «Քորոնա» ժահրի քննութիւններուն արդիւնքը եղած է ժխտական: Հետեւաբար, յունական Լամիայի միջնապահ Գէորգ Ղազարեանէն բացի, բոլոր ֆութպոլիստներն ալ կրնան մասնակցիլ մրցումին:
Նշենք, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը վերականգնողական փուլի մէջ է:
Այսօրուան մրցումին նախօրեակին, երէկ հաւաքականի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս եւ խմբապետ Յովհաննէս Համբարձումեան տուին առցանց մամլոյ ասուլիս մը` անդրադառնալով իրենց կատարած պատրաստութիւններուն:
«Կը հասկնանք, որ յայտնուած ենք դժուար խմբակի մը մէջ, սակայն ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայենք մեր առաւելագոյնը տալու` Գերմանիոյ, Ռումանիոյ եւ Իսլանտայի դէմ կատարուելիք մրցումներուն ընթացքին: Մենք, իւրաքանչիւր մրցումի պիտի փորձենք առաւելագոյն կէտը խլել մեր մրցակիցներէն», ըսաւ Քափարոս:



