Մարզական

Քիլիան Մպափէ Պիտի Չմասնակցի Թոքիոյի Ողիմպիական Խաղերուն

Քիլիան Մպափէ Պիտի Չմասնակցի Թոքիոյի Ողիմպիական Խաղերուն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ որոշեց իր մասնակցութիւնը չբերել յուլիս-օգոստոսին տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն, այս մասին յայտնեց «Լը Փարիզիեն»-ը: Նշուեցաւ, որ ասոր պատճառը ֆութպոլիստին գերխճողուած ըլլալն է, մանաւանդ որ ան յունիս-յուլիսին Ֆրանսայի հետ պիտի մասնակցի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականներուն: 22 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ կ՛աւարտի յունիս 2022-ին: Հետեւաբար...

Լեւանտովսքի Կրնայ Բացակայիլ Անգլիոյ Դէմ Կատարուելիք Մրցումէն

Լեւանտովսքի Կրնայ Բացակայիլ Անգլիոյ Դէմ Կատարուելիք Մրցումէն

Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել Անգլիոյ դէմ վաղը կատարուելիք մրցումին, որ կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ: 32 տարեկան ֆութպոլիստը Անտորրայի դէմ կատարուած մրցումին ընթացքին ծունկի վնասուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը: Անոր ապաքինման համար կը պահանջուի 5-10 օր: Կը կարծուի, որ ան իր մասնակցութիւնը չբերէ նաեւ...

Ալապա Ամրան Պիտի Միանայ Ռէալ Մատրիտին

Ալապա Ամրան Պիտի Միանայ Ռէալ Մատրիտին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող աւստրիացի յետսապահ Տաւիտ Ալապա ամրան ընթացքին լքելով իր կազմը պիտի միանայ Ռէալ Մատրիտին: Նշուեցաւ, որ ան մինչեւ 2025 թուականը  պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ արքայական ակումբին հետ` տարեկան 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձով մը: 2010-ին Պայէրն Միւնիխին միացած Ալապա ընթացիկ տարուան փետրուարին յայտարարած էր, որ չի պատրաստուիր նոր պայմանագրութիւն մը կնքել իր ակումբին հետ:  

Աւստրալիա Դարձեալ Կը Փափաքի Ողիմպիականի Խաղերը Հիւրընկալել

Աւստրալիա Դարձեալ Կը Փափաքի Ողիմպիականի Խաղերը Հիւրընկալել

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Աւստրալիոյ Քուինզլենտ նահանգի Պրիսպեն քաղաքի խորհուրդը պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ` հիւրընկալելու համար 2032-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը: Նշենք, որ այս գծով պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակուի 20-21 յուլիսին տեղի ունենալիք միջազգային ողիմպիական կոմիտէի համագումարին ընթացքին: Յաղթական դուրս գալու պարագային, Աւստրալիա երրորդ անգամ ըլլալով իրաւունք պիտի ստանայ հիւրընկալելու ողիմպիական խաղերը: Առաջինը տեղի ունեցաւ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 26 մարտ 2021-ին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին: Երկրի տնտեսական եւ առողջապահական տիրող պայմաններուն բերմամբ` այս ախոյեանութիւնը իւրայատուկ է, ուր որոշուած է կատարել մրցումները առանց համակիրներու: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով` ախոյեանութեան աւարտին որեւէ խումբ պիտի չփոխադրուի Բ. դասակարգ, պայմանով որ իր մասնակցութիւնը բերէ բոլոր մրցումներուն: Նկատի ունենալով ախոյեանութեան այս պայմանները, նիւթական ծանր բեռը, Լիբանանի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Տղոց Խումբը Տարեշրջանը Սկսաւ Պարտութեամբ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Խումբը Տարեշրջանը Սկսաւ Պարտութեամբ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 28 մարտին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետը: Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, բոլոր մրցումները կը կատարուին առանց հանդիսատեսներու: ՀՄԸՄ-ի կազմը տարեշրջանը սկսաւ պարտութեամբ` 66-44 արդիւնքով (24-12, 38-18, 55-34, 66-44): Առաջին իսկ մրցումէն պէտք...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 27 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը մրցեցաւ Ժամհուրի դէմ: Անսարի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմին յաղթանակով` 4-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-0): ՀՄԸՄ-ի չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Յակոբ Գուճանեան, Մաժըտ Իպրահիմ, Ճորճ Հատտատ եւ Տէյվիտ Մուքալլետ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք,...

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Յաջորդական Երկրորդ Յաղթանակը

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Յաջորդական Երկրորդ Յաղթանակը

Երէկ` կիրակի, 28 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց 2022-ի Մոնտիալի (Եւրոպայի ցամաքամաս) զտումի մրցաշարքի իր երկրորդ մրցումը, երբ մրցեցաւ Իսլանտայի դէմ (Ժ. խմբակ): Սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը: Հայրենի կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին Տիգրան Բարսեղեան (53-րդ)...

Պասքեթպոլ. Եւրասիական Լիկա.   Այսօր` Վահագնի Սիթի-Ռիատի Պէյրութ Աւարտականի Մրցումը

Պասքեթպոլ. Եւրասիական Լիկա. Այսօր` Վահագնի Սիթի-Ռիատի Պէյրութ Աւարտականի Մրցումը

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կատարուող Եւրասիական 3-րդ լիկայի միջազգային պասքեթպոլի մրցաշարքը այսօր` երկուշաբթի, 29 մարտին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Հայաստանի ախոյեան Վահագնի Սիթիի եւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութի միջեւ: Աւարտականի այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ  նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Հայաստանի ախոյեանը աւարտականի իր տոմսը ապահովեց, երբ չորրորդ եւ...

Տիեկօ Քոսթա Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Պենֆիքայի Հետ

Տիեկօ Քոսթա Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Պենֆիքայի Հետ

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ փորթուգալեան Պենֆիքայի հետ, այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»: 32 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ դեկտեմբեր 2020-ին Աթլեթիքօ Մատրիտէն հեռանալէն ետք մաս չէր կազմեր որեւէ ակումբի: Նշուեցաւ, որ Պենֆիքա Քոսթային առաջարկած է երկու տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 3 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:    

Կարէն Գիլոյեան Ընդունեց Եւրասիական Լիկայի Պասքեթպոլի Մասնակից Ակումբներու Ներկայացուցիչները

Կարէն Գիլոյեան Ընդունեց Եւրասիական Լիկայի Պասքեթպոլի Մասնակից Ակումբներու Ներկայացուցիչները

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան ընդունեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցող պասքեթպոլի Եւրասիական լիկայի մասնակցող խումբերուն նախագահները, մարզիչները եւ Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի ախոյեանութեան նախագահ Արա Պօղոսեանը: Այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Եւրասիական լիկայի մասնակցողներուն շրջանակը ընդլայնելու եւ այլ ընթացիկ հարցեր: Նախարարին տեղակալը փաստեց, որ մրցաշարքը մարզասէրներուն շրջանակին մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կը վայելէ եւ անհրաժեշտ է հետեւողական...

Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ Մրցումը Կրնայ Կատարուիլ Մատրիտի Մէջ

Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ Մրցումը Կրնայ Կատարուիլ Մատրիտի Մէջ

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի, քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, 6 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ բաւական զօրաւոր ճակատումը: Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզաթերթը յայտնեց, որ շատ հաւանական է, որ այս մրցումը կայանայ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ` նկատի ունենալով, որ Սպանիոյ կառավարութիւնը որոշած է 30 մարտին ջնջել Անգլիայէն Սպանիա օդանաւերու թռիչքներուն արգելքը: Նախապէս յայտարարուած էր, որ այս մրցումը տեղի պիտի...

Փրանտելլի Հեռացաւ Ֆիորենթինայէն

Փրանտելլի Հեռացաւ Ֆիորենթինայէն

Ֆիորենթինայի գլխաւոր մարզիչ Չեզարէ Փրանտելլի հեռացաւ իր պաշտօնէն, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 63 տարեկան իտալացի մասնագէտը ներկայացուց իր հրաժարականը` իր կազմին կրած վերջին պարտութենէն ետք (Ա. Սէ. Միլանէն, 3-2 արդիւնքով): Նշուեցաւ, որ այժմ ակումբը կը բանակցի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ճիուզեփփէ Իաքինիի հետ, որ հեռացուած էր նոյեմբեր 2020-ին:  

Ֆորմիւլա-1.  2021 Տարեշրջանի Բացման Կրան-Փրիին Յաղթականը` Լուիս Հեմիլթըն

Ֆորմիւլա-1. 2021 Տարեշրջանի Բացման Կրան-Փրիին Յաղթականը` Լուիս Հեմիլթըն

Երէկ` կիրակի, 28 մարտին ազդանշանը տրուեցաւ Ֆորմիւլա-1-ի 2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան, երբ Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցաւ Ա. հանգրուանի կրան փրին: Անիկա աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի գործող ախոյեան, անգլիացի փորձառու վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով, որ 56 լեփնոց այս կրան փրիին արձանագրեց 1 ժամ 32 վայրկեան եւ 3 երկվայրկեան արդիւնք մը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, մինչ լաւագոյն եռեակը...

Հաղորդագրութիւն

Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ժամհուր

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգի 2020-2021 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 27 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ Անսարի դաշտին վրայ կը մրցի Ժամհուրի դէմ: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ տարեշրջանը սկսաւ տպաւորիչ յաղթանակով մը` 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Ուահտեթ Շըհիմը:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Կազմին Երկրորդ Պարտութիւնը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Կազմին Երկրորդ Պարտութիւնը

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 26 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, երբ այս անգամ նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը կրեց Իթթիհատ Հարեթ Նաամէէն, Ահտի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին (կիսախաղ` 0-0): Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին ՀՄԸՄ կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը` Շապապ Մաժտալ Այնճարէն: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ-Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ-Մութթահետ

- Հուփս Եւ Աթլաս Յաղթական Երէկ` ուրբաթ, 26 մարտին, ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի երկու մրցումներ: Հուփս տարեշրջանին սկսաւ յաղթանակով, երբ 77-58 արդիւնքով յաղթեց Պիպլոսին: Յաղթական կազմէն Հապիպ Ապտալլա նշանակեց 26 կէտ: Իր կարգին, տարեշրջանը յաղթանակով սկսաւ Աթլաս, որ կէտի մը տարբերութեամբ` 78-77 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին: Աթլասէն Մարք Ապի Խըրըս նշանակեց...

Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքականը Պարտուեցաւ Պիելոռուսիայէն

Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքականը Պարտուեցաւ Պիելոռուսիայէն

Երէկ` ուրբաթ, 26 մարտին Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը (21 տարեկանէն վար), որ հիւրընկալեց Պիելոռուսիան, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հիւր կազմը 18-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը, սակայն 41-րդ վայրկեանին Սերոժ Թիթիզեան յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել: Բ. կիսախաղին, Ռաֆայէլ Նազարեան միանգամայն կատարեց երեք փոփոխութիւն` առիթ տալով առաջին անգամ հրաւիրուած քանի մը ֆութպոլիստներուն դաշտ ներկայանալու: Դժբախտաբար...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէ.  Ֆրանսուա Սաատէ Եւ Ժորժ Ապպուտ Յաղթական`  Մասնակի Ընտրութիւններուն

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէ. Ֆրանսուա Սաատէ Եւ Ժորժ Ապպուտ Յաղթական` Մասնակի Ընտրութիւններուն

Երէկ` չորեքշաբթի, 24 մարտին, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ) տեղի ունեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մասնակի ընտրութիւնները` թափուր մնացած 2 աթոռներուն համար: Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին կազմը պէտք էր ամբողջանար եւ դառնար 14` նկատի ունենալով, որ նախորդ ամիս կատարուած ընտրութիւններէն կարճ ատեն մը ետք, ընտրուած երկու անձեր` Ժիհատ Սալամէ եւ Ռոլան Սաատէ ներկայացուցած էին իրենց հրաժարականները: Այս մասնակի ընտրութիւններուն, իրենց թեկնածութիւնը...

Փինկ Փոնկ.  Ժորժ Քուփալի` Արեւմտեան Ասիոյ  Ֆետերասիոնի Փոխնախագահ

Փինկ Փոնկ. Ժորժ Քուփալի` Արեւմտեան Ասիոյ Ֆետերասիոնի Փոխնախագահ

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Քուփալի ընտրուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ. ընտրութիւնները կատարուեցան Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ: Նախագահ ընտրուեցաւ յորդանանցի Թարեք Զըհպի: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի, Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Պահրէյնի, Քուէյթի, Պաղեստինի, Իրաքի, Եմէնի, Քաթարի եւ Օմանի ֆետերասիոններուն ներկայացուցիչները: Բացակայ եղան միայն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Page 522 of 1279 1 … 521 522 523 … 1,279

Արխիւներ