Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր զուիցերիական Սենթ Կալեն քաղաք հասաւ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հինգշաբթի, 25 մարտին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Լիխթնշթայնի դէմ (Ժ. խմբակ):
Առաջին օրուան փորձերէն ետք, խումբը երկու բաժինի բաժնուելով կատարեց մրցում մը, որուն ընթացքին կարգ մը ֆութպոլիստներ խաղցան տարբեր դիրքերու վրայ:
Նշենք, որ Վատուզ քաղաքին մէջ գտնուող «Ռէյնփարք» մարզադաշտին վրայ կատարուելիք Լիխթնշթայն-Հայաստան մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի որոշումով, այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Աւստրիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ 36 տարեկան Եուլիան Վեյինպերկեր:




