Երէկ` չորեքշաբթի, 24 մարտին, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Եւրասիական լիկայի պասքեթպոլի 3-րդ միջազգային մրցաշարքին` մասնակցութեամբ 5 խումբերու:
Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած բացման մրցումին, Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` երեք կէտի տարբերութեամբ 81-78 արդիւնքով յաղթելով ռուսական Ռոսթով քաղաքէն Պարս խումբին:
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ (27 կէտ):
Այս մրցաշարքին Ռիատիէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ մարզիկները.
Ժան Ապտել Նուր, Հայկ Կէօքճեան, Ժերար Հատիտեան, Ամիր Սէուտ, Քարիմ Զէյնուն, Ալի Մանսուր, Մարք Խուրի, Մազեն Մընէյմնէ, Մարք Ճօ Տունիա, Ժոզեֆ Ապի Խըրըս եւ Օմար Ժամալ:
Այսօր` հինգշաբթի, 25 մարտին Ռիատի կը մրցի Հայաստանի ախոյեան Վահագնի Սիթիի դէմ, որ երէկ իր կարգին ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը` 100-88 արդիւնքով յաղթելով ռուսական Միցուպասքեթ խումբին: Յաղթական կազմէն Տարիուս Քլարք նշանակեց 32 կէտ:




