Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Խապի Ալոնսօ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Գերմանիոյ մէջ, այս մասին յայտնեց գերմանական «Պիլտ» հանրածանօթ մարզաթերթը:
Նշուեցաւ, որ Ալոնսօ, որ այժմ Ռէալ Սոսիետատի երիտասարդական խումբին մարզիչն է, արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացուցած է «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի հետ եւ յառաջիկայ ամրան ընթացքին պիտի ստանձնէ անոր գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Ան պիտի փոխարինէ Մարքօ Ռոզին, որ լքելով իր ակումբը յուլիսին պիտի ստանձնէ Պորուսիա Տորթմունտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:



