Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը երէկ աւարտեց իր ուսումնամարզական հաւաքը Ծաղկաձորի մէջ:
Հաւաքականը հաւաք մը եւս պիտի կատարէ Երեւանի մէջ` դարձեալ գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի, պատրաստուելու համար 10-24 ապրիլին Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:



