Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմէնի մաս կազմող 29 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար եւ 22 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ, հրաժարեցան իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգել փարիզեան ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Անոնց երկուքին գործող պայմանագրութիւնները նախատեսուած են մինչեւ յունիս 2022:
Նշենք, որ վերջերս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ Նէյմար պատրաստ է հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու մայրաքաղաքի կազմին հետ:



