Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աղջկանց միջազգային նոր դասաւորումը` նկատի առնելով մարզիկներուն նախորդ շաբաթավերջին արձանագրած արդիւնքները:
Առաջին դիրքին վրայ շարունակեց մնալ աւստրալիացի Էշլի Պարթի, մինչ անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն ճափոնցի Նաոմի Օսաքա եւ ռումանացի Սիմոնա Հալեփ:
Առաջին 10-ին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ:
Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Մարկարիթա Գասպարեան զգալի վերելք մը արձանագրեց` ռուսական Ս. Փեթերսպուրկի մրցաշարքին իր արձանագրած 4 յաղթանակներուն եւ աւարտական հանգրուան հասնելուն համար:
26 տարեկան Գասպարեան 126-րդ դիրքէն բարձրացաւ 88-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 948 կէտ:



