Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգի 2020-2021 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 27 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ Անսարի դաշտին վրայ կը մրցի Ժամհուրի դէմ:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ տարեշրջանը սկսաւ տպաւորիչ յաղթանակով մը` 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Ուահտեթ Շըհիմը:
Ամուր կառչած մնալու համար պարագլուխի դիրքին` ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պէտք է ընէ այսօրուան իր մրցակիցէն խլելու երեք կէտը:


