«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի, քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, 6 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ բաւական զօրաւոր ճակատումը:
Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզաթերթը յայտնեց, որ շատ հաւանական է, որ այս մրցումը կայանայ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ` նկատի ունենալով, որ Սպանիոյ կառավարութիւնը որոշած է 30 մարտին ջնջել Անգլիայէն Սպանիա օդանաւերու թռիչքներուն արգելքը:
Նախապէս յայտարարուած էր, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Պուտափեշտի մէջ:
Այս որոշումը կը նշանակէ նաեւ, որ Կրանատա 8 ապրիլին «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ կրնայ հիւրընկալել Մանչեսթըր Եունայթըտը: