Մարզական

Ռոնալտօ Փորթուգալի Հետ Կոլի Հեղինակ` Յաջորդաբար 18-րդ Տարին Ըլլալով

Ռոնալտօ Փորթուգալի Հետ Կոլի Հեղինակ` Յաջորդաբար 18-րդ Տարին Ըլլալով

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր երկրին ազգային խումբին հետ կոլ նշանակեց յաջորդաբար 18-րդ տարին ըլլալով: Այս մասին յայտնեց «Օփթա» կայքը: 36 տարեկան փորթուգալցին, որ իր առաջին կոլը նշանակեց 2004-ին, նախանցեալ օր կոլի հեղինակ դարձաւ` Լուքսամպուրկի դէմ յաղթանակ արձանագրելով (3-1): Ան իր լաւագոյն ցուցանիշը ունեցաւ 2019-ին, երբ 10 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ: Ռոնալտօ ցարդ նշանակած է 103...

Պուֆոն Մէկ Մրցումով Կախակայուեցաւ

Պուֆոն Մէկ Մրցումով Կախակայուեցաւ

Իտալական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Եուվենթուսի բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոն մէկ մրցումով կախակայուեցաւ: Իտալացի բերդապահը դեկտեմբեր 2020-ին, Փարմայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, հայհոյած ըլլալուն պատճառով հինգ հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուած էր: Սակայն իտալական դատարանը այդ մէկը անբաւարար նկատելով` որոշեց որ ան պէտք է նաեւ մէկ մրցումով կախակայուի: Նշենք, որ այժմ 43 տարեկան Պուֆոն ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը...

Լեւանտովսքի Բացակայ` Փարիզ Սեն Ժերմէնի Դէմ Կատարուելիք Մրցումներէն

Լեւանտովսքի Բացակայ` Փարիզ Սեն Ժերմէնի Դէմ Կատարուելիք Մրցումներէն

Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող լեհ միջազգային յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարած մրցումին ծունկի վնասուածք ստացաւ, ամիսով մը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Այս կը նշանակէ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի բացակայի Փարիզ Սեն Ժերմէնի դէմ կատարուելիք երկու մրցումներէն: «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Գերմանիոյ ախոյեանը 7...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Կրեց Իր Երկրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Իր Երկրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս Ժիպէյլի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 88-70 արդիւնքով (18-17, 41-27, 57-46 եւ 88-70): Մինչ ՀՄԸՄ կրեց յաջորդական իր երկրորդ պարտութիւնը, անդին Պիպլոս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը: Բաղդատմամբ նախորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ զգալի եղաւ պայքարի ոգին եւ իրարու հետ...

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Վերջին Փորձը` Ռումանիոյ Դէմ Կատարուելիք Այսօրուան Մրցումէն Առաջ

2022-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Վերջին Փորձը` Ռումանիոյ Դէմ Կատարուելիք Այսօրուան Մրցումէն Առաջ

Այսօր` չորեքշաբթի, 31 մարտին, 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռումանիան: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, իսկ օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Լաթվիայէն: Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի կազմը ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն արձանագրած է...

Կեանքէն Հեռացաւ Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցած Առաջին Հայ Ազատ Ոճի Ըմբիշը

Կեանքէն Հեռացաւ Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցած Առաջին Հայ Ազատ Ոճի Ըմբիշը

Երէկ` երեքշաբթի, 30 մարտին, 77 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ 1968-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցած առաջին հայ ազատ ոճի ըմբիշ, նախկին Խորհրդային Միութեան միջազգային կարգի վարպետ եւ ախոյեան` Նազար Ալբարեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նազար Ալբարեան Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հիմնադիրներէն է:

Էդուարդ Վարդանեան Յայտնեց Յաջորդ Մենամարտին Օրը

Էդուարդ Վարդանեան Յայտնեց Յաջորդ Մենամարտին Օրը

Խառն մենամարտերուն («ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.») մէջ հանդէս եկող ռուսահայ մարզիկ Էդուարդ Վարդանեան իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 22 մայիսին, այս մասին յայտնեց 29 տարեկան մարտիկը: Վարդանեան պիտի մասնակցի Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք «Օփըն- ԷՖ. Սի.» մրցաշարքին: Անոր մրցակիցին անունը ցարդ յայտնի չէ: Նշենք, որ Էդուարդ Վարդանեան ծնած է Երեւանի մէջ: Վարդանեան «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի մէջ ցարդ կատարած է 24...

Խոաքին Պօղոսեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Խոաքին Պօղոսեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին թեկնածու, ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Երկուշաբթի, 29 մարտին, 33 տարեկան ֆութպոլիստը իր ակումբին` Սերոյի հետ կատարեց իր վերջին մրցումը, երբ անոր կազմը Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ Մոնթեվիտէօ Ուոնտըրըրզի դէմ (1-1): Պօղոսեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 24-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ: Մրցումէն ետք անոր ակումբը...

2022-ի Մոնտիալ  Ազրպէյճան Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

2022-ի Մոնտիալ Ազրպէյճան Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Ա. խմբակին մաս կազմող Ազրպէյճան կրեց մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը, երբ Պաքուի մէջ տեղի տուաւ Սերպիոյ դիմաց` 2-1 արդիւնքով: Անգլիական Ֆուլհեմ ակումբին մաս կազմող յառաջապահ Ալեքսանտր Միթրովիչ նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը` 16-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն: Այսպիսով, Միթրովիչ հանդիսացաւ առաջին սերպ ֆութպոլիստը, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային...

Հայաստանի Լրագրողներու Հաւաքականը Ֆութպոլի Մրցաշարքի Մը Կը Մասնակցի Եգիպտոսի Մէջ

Հայաստանի Լրագրողներու Հաւաքականը Ֆութպոլի Մրցաշարքի Մը Կը Մասնակցի Եգիպտոսի Մէջ

1-3 ապրիլին Եգիպտոսի մէջ տեղի կ՛ունենայ լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու ֆութպոլի միջազգային 8-րդ մրցաշարքը, որ այս անգամ պիտի կատարուի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ: Հայաստանի լրագրողներու ֆութպոլի հաւաքականը, որ 2019-ին տիրացած էր արծաթ մետալի, պիտի ըլլայ այս մրցաշարքի մասնակցողներուն կարգին: Հայաստանէն բացի անոր կը մասնակցին հինգ խումբեր եւս` Ուքրանիայէն, Պիելոռուսիայէն, Եգիպտոսէն, Մոլտովայէն եւ Ղազախստանէն: Երեք օրուան ընթացքին բոլոր խումբերը կը մրցին իրարու...

Չելսի-Փորթօ Երկու Մրցումներն Ալ Պիտի Կատարուին Սպանիոյ Մէջ

Չելսի-Փորթօ Երկու Մրցումներն Ալ Պիտի Կատարուին Սպանիոյ Մէջ

Լոնտոնեան Չելսիի եւ փորթուգալեան Փորթոյի միջեւ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երկու մրցումներն ալ պիտի կատարուին Սպանիոյ մէջ` «Քորոնա» ժահրի համավարակին հետեւանքով Մեծն Բրիտանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ կիրարկուող օդային հաղորդակցութեան սահմանափակումներուն պատճառով: Երկու մրցումներն ալ պիտի կատարուին Սեւիլլայի մէջ գտնուող «Ռամոն Սանչես Փիցխուան» մարզադաշտին վրայ, ուր Սեւիլլա կը կատարէ իր մրցումները, այս մասին յայտնեց փորթուգալեան ակումբին մամլոյ...

Լամփար Կրնայ Գլխաւորել Անգլիոյ Ֆութպոլի Երիտասարդական Ազգային Խումբը

Լամփար Կրնայ Գլխաւորել Անգլիոյ Ֆութպոլի Երիտասարդական Ազգային Խումբը

Լոնտոնեան Չելսիի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ֆրանք Լամփար շատ հաւանաբար գլխաւորէ Անգլիոյ ֆութպոլի երիտասարդական ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց «Տէյլի Մէյլ»-ը: Նշուեցաւ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մտադիր չէ երկարաձգել խումբի գլխաւոր մարզիչ Էյտի Պութրոյտի պայմանագրութիւնը` նկատի ունենալ, որ Անգլիա անոր հետ «Եւրօ-2021»-ի աւարտական հանգրուանի մրցումներ սկսաւ երկու պարտութեամբ: Ֆետերասիոնը նկատի առած է երկու այլ թեկնածուներ ալ` Սթիւ Քուփըր եւ Փոլ Սիմփսոն:

2022-ի Մոնտիալ.  Ճափոն-Մոնկոլիա` 14-0

2022-ի Մոնտիալ. Ճափոն-Մոնկոլիա` 14-0

Ասիոյ ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 5-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Զ. խմբակին մաս կազմող Ճափոն արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ մեծ եւ ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Մոնկոլիոյ դէմ` 14-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 5-0) դէմ: Ճափոնէն հեթրիք մը իրագործեց Եույա Օսաքա, մինչ երեք ուրիշներ երկուքական կոլ նշանակեցին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պիպլոս-ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս-ՀՄԸՄ

Շանվիլի Երկրորդ Պարտութիւնը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի կազմը այսօր` երեքշաբթի, 30 մարտին հիւրը պիտի ըլլայ Պիպլոսին: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ), պիտի սկսի ժամը 20:00-ին: ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ արձանագրելու համար տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը: Երկու կազմերն ալ ցարդ կրած են մէկական պարտութիւն:...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստան-Ռումանիա Մրցումին Իրաւարարները` Լաթվիայէն

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստան-Ռումանիա Մրցումին Իրաւարարները` Լաթվիայէն

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ չորեքշաբթի, 31 մարտին տեղի ունենալիք Հայաստան-Ռումանիա մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Լաթվիայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ 36 տարեկան Անտրիս Թրէյմանիս, մինչ կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Հերըլտծ Կուտերմանիս եւ Ալեքսեժ Սփասժոնիքովս: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Ժ. խմբակի, Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հայաստան-Ռումանիա մրցումը, որ տեղի պիտի...

Պասքեթպոլ. «Եւրասիական Լիկա».   Ռիատի Պէյրութ Տիտղոսակիր` Հայաստանի Մէջ

Պասքեթպոլ. «Եւրասիական Լիկա». Ռիատի Պէյրութ Տիտղոսակիր` Հայաստանի Մէջ

Երէկ` երկուշաբթի, 29 մարտին, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ իր աւարտին հասաւ «Եւրասիական Լիկա»-ի պասքեթպոլի 3-րդ միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը Հայաստանի ախոյեան Վահագնի Սիթիի եւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութի միջեւ: Կը կարծուէր, որ մրցաշարքին տիտղոսակիրը պիտի ըլլայ Վահագնի Սիթի` նկատի ունենալով,  որ հայկական կազմը մրցումին աւարտէն 10 երկվայրկեան առաջ յաղթական էր 75-73 արդիւնքով: Սակայն Ռիատի վերջին երկվայրկեանին Ամիր...

Ըմբշամարտ.  Հայ Մարզիկները Չորս Մետալի Տիրացան Սպանիոյ Մէջ

Ըմբշամարտ. Հայ Մարզիկները Չորս Մետալի Տիրացան Սպանիոյ Մէջ

Սպանական Սանթիակօ Տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ 26-28 մարտին տեղի ունեցած Սպանիոյ ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, հայ մարզիկները տիրացան չորս գունաւոր մետալի, այս մասին յայտնեց Սպանիոյ մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատունը: Նշուեցաւ, որ Ռազմիկ Մայիլեան 44 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ ախոյեան, իսկ աւագ Ռազմիկ Մայիլեան իր կարգին տիրացաւ ոսկի մետալի` 92 քկ դասակարգին մէջ: Երկու այլ ըմբիշներ եւս տիրացան մետալներու, երբ հանդիսացան...

Մխիթարեան Շատ Հաւանաբար Մասնակցի Այաքս Ամսթերտամի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Մխիթարեան Շատ Հաւանաբար Մասնակցի Այաքս Ամսթերտամի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ Այաքս Ամսթերտամի դէմ տեղի ունենալիք «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին` իր ստացած վնասուածքէն ապաքինած ըլլալով, այս մասին յայտնեց իտալական մամուլը: Հայրենի ֆութպոլիստը շատ հաւանաբար այսօր` երեքշաբթի, 30 մարտին յաւելեալ բժշկական քննութիւններու ենթարկուի: Անոր վերադարձին գծով հռոմեան ակումբը պաշտօնական յայտարարութիւն մը...

2022-ի Մոնտիալ.  Այսօր Կը Կատարուին Զտումի 10 Ճակատումներ

2022-ի Մոնտիալ. Այսօր Կը Կատարուին Զտումի 10 Ճակատումներ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն նման, այսօր` երեքշաբթի, 30 մարտին եւս կը կատարուին 2022-ի Մոնտիալի զտումի 10 ճակատումներ` չորս տարբեր խմբակներու մէջ: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Ա. ԽՄԲԱԿ. ԺԱՄ Ազրպէյճան-Սերպիա 19:00 Լիքսամպուրկ-Փորթուգալ 21:45 Ե. ԽՄԲԱԿ.   Պելճիքա-Պիելոռուսիա 21:45 Կալես-Չեխիա 21:45 Է. ԽՄԲԱԿ.   Ճիպրալթար-Նետերլանտներ 21:45 Մոնթենեկրօ-Նորվեկիա 21:45 Թուրքիա-Լաթվիա 21:45 Ը. ԽՄԲԱԿ.   Կիպրոս-Սլովենիա 19:00 Խրուաթիա-Մալթա 21:45 Սլովաքիա-Ռուսիա...

Տարեշրջանի Աւարտէն Ետք Պուֆոն Պիտի Հեռանայ Եուվենթուսէն

Տարեշրջանի Աւարտէն Ետք Պուֆոն Պիտի Հեռանայ Եուվենթուսէն

Իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» մարզական օրաթերթը կը յայտնէ, ըսելով, որ Եուվենթուսին մաս կազմող իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոն այս տարեշրջանի աւարտէն ետք պիտի հեռանայ իր ակումբէն: Նշուեցաւ, որ Պուֆոն կը յուսար յաւելեալ ժամանակ ստանալ մրցումներու մասնակցելու համար, սակայն խումբի մարզիչ Անտրէա Փիրլօ տարբեր կարծիք ունէր: Շատ հաւանական է, որ 43 տարեկան Պուֆոն ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Իտալիայէն դուրս, հակառակ...

Page 521 of 1279 1 … 520 521 522 … 1,279

Արխիւներ