Երէկ` չորեքշաբթի, 24 մարտին, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ) տեղի ունեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մասնակի ընտրութիւնները` թափուր մնացած 2 աթոռներուն համար:
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին կազմը պէտք էր ամբողջանար եւ դառնար 14` նկատի ունենալով, որ նախորդ ամիս կատարուած ընտրութիւններէն կարճ ատեն մը ետք, ընտրուած երկու անձեր` Ժիհատ Սալամէ եւ Ռոլան Սաատէ ներկայացուցած էին իրենց հրաժարականները:
Այս մասնակի ընտրութիւններուն, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին Ժորժ Ապպուտ, Ֆրանսուա Սաատէ, Ռոլան Սաատէ եւ Ռեմոն Սըքքար:
Առաջին երկուքը յաղթական դուրս եկան այս ընտրութիւններուն` յաջորդաբար ապահովելով 18 եւ 14 ձայն: Իսկ վերջին երկուքը յաջորդաբար ապահովեցին 12 եւ 10 ձայն:
Ընտրութիւններու աւարտին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ շնորհաւորեց երկու նորընտիր անդամները: