– Հուփս Եւ Աթլաս Յաղթական
Երէկ` ուրբաթ, 26 մարտին, ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի երկու մրցումներ:
Հուփս տարեշրջանին սկսաւ յաղթանակով, երբ 77-58 արդիւնքով յաղթեց Պիպլոսին:
Յաղթական կազմէն Հապիպ Ապտալլա նշանակեց 26 կէտ:
Իր կարգին, տարեշրջանը յաղթանակով սկսաւ Աթլաս, որ կէտի մը տարբերութեամբ` 78-77 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին:
Աթլասէն Մարք Ապի Խըրըս նշանակեց 20 կէտ, իսկ Շանվիլէն Էլի Ռըսթոմ` 22 կէտ:
Այսօր` շաբաթ, 27 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պէյրութ կը հիւրընկալէ Անիպալ Զահլէն:
Իսկ վաղը` կիրակի, 28 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մութթահետը:
Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան առանց համակիրներու:



