Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Քուփալի ընտրուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ. ընտրութիւնները կատարուեցան Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ:
Նախագահ ընտրուեցաւ յորդանանցի Թարեք Զըհպի:
Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի, Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Պահրէյնի, Քուէյթի, Պաղեստինի, Իրաքի, Եմէնի, Քաթարի եւ Օմանի ֆետերասիոններուն ներկայացուցիչները:
Բացակայ եղան միայն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:



