Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 27 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը մրցեցաւ Ժամհուրի դէմ:
Անսարի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմին յաղթանակով` 4-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-0):
ՀՄԸՄ-ի չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Յակոբ Գուճանեան, Մաժըտ Իպրահիմ, Ճորճ Հատտատ եւ Տէյվիտ Մուքալլետ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 6 կէտով կը գրաւէ Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն եւս խումբին այս յաղթական ընթացքը շարունակուի:
Ժամհուրի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Աւօ Աւետիքեան (բերդապահ), Միքայէլ Սաատ, Յակոբ Գուճանեան, Մկօ Օտապաշեան, Էլիօ Շաքեր (յետսապահներ), Շանթ Գարատէօլեան, Ճորճ Հատտատ, Ռաշատ Քասեմ, Տէյվիտ Մուքալլետ, Յակոբ Գեթսեմանեան (միջնապահներ) եւ Մաժըտ Իպրահիմ (յառաջապահ):