Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Խումբը Տարեշրջանը Սկսաւ Պարտութեամբ

March 29, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 28 մարտին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետը:

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, բոլոր մրցումները կը կատարուին առանց հանդիսատեսներու:

ՀՄԸՄ-ի կազմը տարեշրջանը սկսաւ պարտութեամբ` 66-44 արդիւնքով (24-12, 38-18, 55-34, 66-44):

Առաջին իսկ մրցումէն պէտք չէ լաւ կամ վատ արտայայտութիւն մը ունենալ խումբին ելոյթին եւ յառաջիկային կատարելիք ներկայացումներուն գծով:

Խումբին մարզիկներուն մեծամասնութիւնը նորեկ խաղացողներ են եւ անոնք ժամանակի պէտք ունին` իրարու հետ լաւապէս շաղուելու համար:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Քարլ Զալլում (11 կէտ), իսկ Մութթահետէն` խմբապետ Մալեք Հիժազի (17 կէտ):

Լուսանկար-ՀՄԸՄ-Մութթահետ մրցումէն (PROFOTO)

Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Ժորժ Սաատ:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Պիպլոս:

Սաժես, որ հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց 76-74 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Յաղթական կազմէն, Նատիմ Սուէյտ նշանակեց 32 կէտ, իսկ Աթլասէն խմբապետ Ժոյի Զալլում` 18 կէտ:

Իսկ Պէյրութ-Անիպալ Զահլէ մրցումը աւարտեցաւ պէյրութեան կազմին մեծ յաղթանակով` 102-52 արդիւնքով:

Յաղթական կազմէն Փաթրիք Պու Ապպուտ նշանակեց 20 կէտ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.