Երէկ` կիրակի, 28 մարտին ազդանշանը տրուեցաւ Ֆորմիւլա-1-ի 2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան, երբ Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցաւ Ա. հանգրուանի կրան փրին:
Անիկա աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի գործող ախոյեան, անգլիացի փորձառու վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով, որ 56 լեփնոց այս կրան փրիին արձանագրեց 1 ժամ 32 վայրկեան եւ 3 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Մերսետես»-ի երկրորդ վարորդը` ֆինլանտացի Վալթերի Պոթթաս:
Նշենք, որ 20 վարորդներէն չորսը, որոնց կարգին` սպանացի Ֆեռնանտօ Ալոնսօ (Ալփին), այս վազքուղին չկրցան ամբողջացնել:
Այս տարուան այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ գերմանացի անցեալի անուանի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի որդին` Միք Շումախըր, որ մաս կը կազմէ Հաաս խումբին: