Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Աւստրալիոյ Քուինզլենտ նահանգի Պրիսպեն քաղաքի խորհուրդը պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ` հիւրընկալելու համար 2032-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը:
Նշենք, որ այս գծով պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակուի 20-21 յուլիսին տեղի ունենալիք միջազգային ողիմպիական կոմիտէի համագումարին ընթացքին:
Յաղթական դուրս գալու պարագային, Աւստրալիա երրորդ անգամ ըլլալով իրաւունք պիտի ստանայ հիւրընկալելու ողիմպիական խաղերը:
Առաջինը տեղի ունեցաւ Մելպուռնի մէջ` 1956-ին, իսկ երկրորդը Սիտնի մէջ` 2000-ին:



