Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կատարուող Եւրասիական 3-րդ լիկայի միջազգային պասքեթպոլի մրցաշարքը այսօր` երկուշաբթի, 29 մարտին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Հայաստանի ախոյեան Վահագնի Սիթիի եւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութի միջեւ:
Աւարտականի այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Հայաստանի ախոյեանը աւարտականի իր տոմսը ապահովեց, երբ չորրորդ եւ վճռորոշ մրցումին 86-76 արդիւնքով յաղթեց Դուինին:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը Դուինէն նշանակեց Ճորտըն Ուաթսըն (32 կէտ):
Նշենք, որ մարզադաշտ մուտքը անվճար է: