Ֆիորենթինայի գլխաւոր մարզիչ Չեզարէ Փրանտելլի հեռացաւ իր պաշտօնէն, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
63 տարեկան իտալացի մասնագէտը ներկայացուց իր հրաժարականը` իր կազմին կրած վերջին պարտութենէն ետք (Ա. Սէ. Միլանէն, 3-2 արդիւնքով):
Նշուեցաւ, որ այժմ ակումբը կը բանակցի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ճիուզեփփէ Իաքինիի հետ, որ հեռացուած էր նոյեմբեր 2020-ին: