Երէկ` ուրբաթ, 26 մարտին Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը (21 տարեկանէն վար), որ հիւրընկալեց Պիելոռուսիան, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հիւր կազմը 18-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը, սակայն 41-րդ վայրկեանին Սերոժ Թիթիզեան յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել:
Բ. կիսախաղին, Ռաֆայէլ Նազարեան միանգամայն կատարեց երեք փոփոխութիւն` առիթ տալով առաջին անգամ հրաւիրուած քանի մը ֆութպոլիստներուն դաշտ ներկայանալու:
Դժբախտաբար սակայն, մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ, Պիելոռուսիա նշանակեց իր յաղթանակի կոլը:



