Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել Անգլիոյ դէմ վաղը կատարուելիք մրցումին, որ կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ:
32 տարեկան ֆութպոլիստը Անտորրայի դէմ կատարուած մրցումին ընթացքին ծունկի վնասուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Անոր ապաքինման համար կը պահանջուի 5-10 օր:
Կը կարծուի, որ ան իր մասնակցութիւնը չբերէ նաեւ Լայփցիկի (3 ապրիլ) եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի (7 ապրիլ) դէմ կատարուելիք մրցումներուն: