Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան ընդունեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցող պասքեթպոլի Եւրասիական լիկայի մասնակցող խումբերուն նախագահները, մարզիչները եւ Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի ախոյեանութեան նախագահ Արա Պօղոսեանը:
Այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Եւրասիական լիկայի մասնակցողներուն շրջանակը ընդլայնելու եւ այլ ընթացիկ հարցեր:
Նախարարին տեղակալը փաստեց, որ մրցաշարքը մարզասէրներուն շրջանակին մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կը վայելէ եւ անհրաժեշտ է հետեւողական քայլերու ձեռնարկել` զայն աւելի գրաւիչ դարձնելու համար:
Ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին այս ընդունելութեան համար եւ ծրագիրները համատեղ զարգացնելու եւ ընդլայնելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:
Այս տարի այս լիկային կը մասնակցին 5 խումբեր. Հայաստանէն` Վահագնի Սիթի, Դուին, Լիբանանէն` Ռիատի Պէյրութ, իսկ Ռուսիայէն` Պարս եւ Միցու-Պասքեթ: